2013-11-11 14:36:09

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ցաւակցական հեռագիրը` Կարտինալ Պարթոլուչչիի մահուան ի լուր։


Երեքշաբթի 11 նոյեմբեր, առաւօտեան ժամը 8-ին, 96 ամեայ, Սիքստինեան Մատրան Քհանայապետական երաժշտանոցի երբեմնի տնօրէն` Իտալացի Կարտինալ Տոմենիքօ Պարթոլուչչին կնքեց իր մահկանացուն։
Կարտինալ Պարթոլուչչիի մահով, կարտինալական դասի անդամներու թիւը 200-ի կ՛իջնէ։ Անոնցմէ 109-ն Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարտինալներ են, իսկ 91-ը ոչ ընտրող։
Ի լուր ծիրանաւորի մահուան` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց անոր եղբայրներուն, որուն մէջ յատնեց իր մօտկիկութեան խորին զգացումները ու վերյիշեց երջանկայիշատակ կարտինալին, Եկեղեցւոյ ի սպաս մատուցած ծառայութիւնը, յատկապէս երաժշտական ասպարեզէն ներս։
Սրբազան Հայրը ապա հեռագիրին մէջ աահովցուց իր աղօթքները, հայցելով Տիրոջմէ որ ննջեցեալը ընդունի իր ''յաւիտենական խաղաղութեան'' մէջ։
Յայտնենք որ Կարտինալ Պարթոլուչչիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի 13 նոյեմբեր 2013-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճառին մէջ, Կարտինալ Անճէլօ Սոտանոյի նախագահութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.